Skip to content

բարեւ. արեւմտահայերէն TTS-ի մասին #2

Description

@vartanta

Բարեւ ձեզ,
Անունս Վարդան է, Թաշճեան. կը բնակիմ Պէյրութ, Լիբանան. ներկայիս վարիչ խմբագիրն եմ Տարբերակ21 առցանց հանդէսին՝ www.darperag21.net

արդեօք կրնաք TTS շարժակ սարքել արեւմտահայերէնի համար?
ցանկութիւն ունիմ նման ծրագիր իրականացնելու.
ինծի կը հետաքրքրէ, թէ ինչ կը սպասուի պատուիրատու կողմէն այս նպատակիմն համար?

Ես ինքս համակարգչային գիտութիւններու կամ արհեստական բանականութեան մասնագէտ չեմ, սակայն գիտակցական կեանքիս կարեւոր մէկ մասը միշտ առընչուած եղած են հայերէնին, հայ գրականութեան, հայ գիրին եւ մշակոյթին, իսկ վերջին տաս տարիներուն, նաեւ այդ բոլորին՝ արդի արհեստագիտութեան հետ յարաբերութեան մէջ:
Չափազանց կարեւոր կը համարեմ ձեր ստեղծածը՝ մանաւանդ արեւմտահայերէնի պահպանման, տարածման, զարգացման եւ աւելի լայն պարունակի մէջ՝ սփիւռքի մէջ հայ կրթութեան համար: Գիտէք՝ լեզուի մեր այդ ճիւղը առաւել խոցելի վիճակի մէջ է, այնքան, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն քանի մը տարի առաջ զայն դասեց վտանգուած լեզուներուն շարքին:

Գիտեմ, որ արեւմտահայերէնին յատուկ շարժիչի ստեղծման համար հարկաւոր են մարդու կողմէ ընթերցանութեան ձայնագրութիւններ: Կը հասկնամ, որ կան թեքնիք եւ նիւթական խնդիրներ նման գործ իրականացնելուն մէջ: Կը խնդրեմ ձեզմէ, որ ինծի գրէք պայմաններու մասին, որոնք անհրաժեշտ է իմ կողմէս լրացնել, արեւմտահայերէնին յատուկ շարժիչ ստեղծելուն համար, եթէ նման աշխատանք կը հետաքրքրէ ձեզի:

Յարգանքով,
Վարդան
հեռաձայնի համարս է՝ 0096170857427 whatsapp
Email: vartan.tashjian@gmail.Com

Metadata

Metadata

Assignees

No one assigned

    Labels

    No labels
    No labels

    Projects

    No projects

    Milestone

    No milestone

    Relationships

    None yet

    Development

    No branches or pull requests

    Issue actions